2016-01-21 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Նախանձոտ սիրտը կը մղուի դէպի չար` դէպի մահ''


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 21 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ նախանձի ու մախանքի մասին Տիրոջմէ խնդրելով որ հեռու պահէ այս մեղքերը որոնք ներկայ են նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ եւ որոնք ''լեզուով'' կը սպանեն ուրիշները։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները քաղուած հին կտակարանէն ուր կը խօսուի Իսրայէլի թագաւոր` Սաւուղի նախանձի մասին Դաւիթի նկատմամբ, Քահանայապետը հաստատեց թէ նախանձը հիւանդութիւն մըն է որ դիւրաւ չի բուժուիր ու կը տանի մախանքի որ պժգալի մեղք մըն է։ Նախանձը կը նմանի չար խոտի որ կը ծլի եւ թոյլ չի տար որ բարի սերմը աճի` ջանալով կործանել ամէն ինչ որ իրեն վրայ շուք կ՛ընէ։ Նախանձոտ սիրտը կը մղուի դէպի չար` դէպի մահ։ Սուրբ Գիրքը արդարեւ կ՛ըսէ ''Սատանայի նախանձի բերումով է որ մահը մուտք գործեց աշխարհ'' հաստատեց Քահանայապետը ընդգծելով նախանձոտ անձին սրտի տատամսումն ու տառապանքը։ ''Նախանձոտ սիրտ մը ուրիշներու մահը կը ցանկայ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ այս մէկը կը պատահի նաեւ մեր հասարակութիւններուն մէջ երբ ''չարախօսութիւններով'' ուրիշները կը սպանենք։ Ան ապա հրաւիրեց խղճի քնութիւն կատարել այս ուղղութեամբ ու նայիլ եթէ մեր սրտերուն մէջ չարն ու նախանձը տեղ գրաւած են, ապա Տիրոջմէ հայցեց շնորհքը` որպէսզի մեր սրտերու դռները չբանանք ''նախանձի'' դիմաց ինչպէս նաեւ նախանձէ տարուած` մեր եղբայրները կամ քոյրերը չմատնենք մահուան։

''Ամէն մին ունի իր մեղքերը եւ ունի իր առաքինութիւնները։ Զգոյշ ըլլանք եւ նախանձէ տարուած չարախօսութիւններով չսպանենք'' ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով քարոզը։.

 








All the contents on this site are copyrighted ©.